Read Եսայի Chapter 13 Online
Read Եսայի Chapter 13 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 13
Գլուխ 13
1. Բաբելոնին համար տրուած պատգամը, որ Ամովսին որդիին Եսայիին յայտնուեցաւ։
2. Մերկ լերանը վրայ դրօշակ տնկեցէ՛ք, Բարձր ձայնով կանչեցէք անոնց, Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները մտնեն։
3. Իմ որոշածներուս հրաման ըրի. Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները, Իմ բարկութիւնս գործադրելու կանչեցի։
4. Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ, Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս, Մէկտեղ հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ. Զօրքերու Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ’անցնէ։
5. Հեռաւոր երկրէն, երկնքի ծայրէն, Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքները Բոլոր երկիրը աւերելու կու գան։
6. Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է. Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։
7. Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։
8. Անոնք պիտի սոսկան։ Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց, Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։ Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։ Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։
9. Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝ Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ, Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ Ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։
10. Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները Իրենց լոյսը պիտի չտան։ Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի Եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
11. Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար Եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար։ Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ Եւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ։
12. Մարդը զուտ ոսկիէն Ու Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ։
13. Ուստի պիտի սարսեմ երկինքը Ու երկիր իր տեղէն պիտի սասանի Զօրքերու Տէրոջը սրտմտութիւնովը՝ Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը։
14. Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան Ու մոլորած ոչխարներու պէս, ու զանոնք հաւաքող մը պիտի չըլլայ։ Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Եւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
15. Ով որ գտնուի՝ պիտի խոցուի Եւ ով որ գտնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։
16. Անոնց տղաքը աչքերնուն առջեւ գետինը պիտի զարնուին, Անոնց տուները պիտի կողոպտուին Եւ անոնց կիները պիտի պղծուին։
17. Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ, Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներ Ու ոսկիէն չեն ախորժիր։
18. Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցեն Ու անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն։ Անոնց աչքը պիտի չգթայ տղաքներուն։
19. Թագաւորութիւններուն փառքը Եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը Տակնուվրայ պիտի ըլլայ, Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։
20. Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ Եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։ Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն Եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն.
21. Հապա հոն վայրենի կատուներ՝ ՝ պիտի պառկին Ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին Եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին Ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն։
22. Անոր պալատներուն մէջ բորենիներ Ու զբօսանքի տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչուըռտեն։ Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ է Ու անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան։
About Եսայի Chapter 13
Read Եսայի Chapter 13 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 13
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 13 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 13?
Եսայի Chapter 13 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 13 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Նեեմիա Chapter 8
- Ելից Chapter 12
- Ելից Chapter 6
- Երեմիա Chapter 24
- Դ Թագավորներ Chapter 16
- Սաղմոսներ Chapter 57
- Սաղմոսներ Chapter 21