Եզեկիել Chapter 43

For English

Read Եզեկիել Chapter 43 Online

Read Եզեկիել Chapter 43 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզեկիել 43

Գլուխ 43

1. Զիս դէպի արեւելք նայող դուռը տարաւ։

2. Ահա արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար ու անոր ձայնը շատ ջուրերու ձայնին պէս էր ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։

3. Տեսած տեսիլքս նման էր այն տեսիլքին, որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին։ Երեսիս վրայ ինկայ

4. Եւ Տէրոջը փառքը դէպի արեւելք նայող դրանը ճամբայէն տունը մտաւ։

5. Հոգին զիս վերցուց եւ ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը փառքը տունը լեցուցեր էր։

6. Ձայն մը լսեցի, որ տաճարէն ինծի կը խօսէր (ու իմ քովս մարդ մը կայներ էր)

7. Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտեան բնակելու աթոռիս տեղը եւ իմ ոտքերուս գարշապարներուն տեղը ասիկա է։ Իսրայէլի տունը իրենք ու իրենց թագաւորները, իրենց պոռնկութիւններովը ու իրենց թագաւորներուն դիակներովը իրենց բարձր տեղերուն մէջ ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չպղծեն։

8. Վասն զի իրենց սեմերը իմ սեմերուս ու իրենց դրանդիքը իմ դրանդիքներուս մօտ դրին, այնպէս որ իմ ու անոնց մէջտեղ միայն պատ մը մնաց։ Իրենց ըրած գարշութիւններովը իմ սուրբ անունս պղծեցին. ես ալ իմ բարկութիւնովս խորտակեցի զանոնք։

9. Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինծմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։

10. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը նկարագրէ՛ այս տաճարը, անոր երեւոյթը եւ յատակագիծը, որպէս զի ամչնան իրենց անօրէնութիւններէն։

11. Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն ամչնան, այն ատեն նկարագրէ՛ տաճարը, անոր կարգն ու սարքը, անոր մուտքն ու ելքը ու բոլոր ձեւերը եւ ծանօթացուր բոլոր կանոններն ու օրէնքները եւ գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէս զի պահեն ու կատարեն զանոնք։

12. Այս է տաճարին օրէնքը։ Անոր բոլոր սահմանը շրջանակաձեւ լերանը գլխուն վրայ ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ահա տաճարին օրէնքը ասիկա է։

13. Ասոնք են սեղանին չափերը կանգունով (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է). խոր տեղը մէկ կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն եւ անոր սահմանը՝ անոր եզերքին վրայ՝ շուրջանակի մէկ թիզ պիտի ըլլայ։ Այս պիտի ըլլայ սեղանին հիմը։

14. Ու գետնին խոր տեղէն մինչեւ վարի շրջանակը երկու կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։

15. Կրակարանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ։ Կրակարանէն վեր չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։

16. Կրակարանը տասներկու կանգուն երկայն ու տասներկու կանգուն լայն, չորս կողմն ալ հաւասար ըլլալով՝ քառակուսի պիտի ըլլայ։

17. Անոր բոլորտիքը եղող շրջանակը տասնըչորս կանգուն երկայն ու տասնըչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Բոլորտիքը եղող սահմանը կէս կանգուն ու խոր տեղը շուրջանակի մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի ըլլան»։

18. Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասոնք պիտի ըլլան սեղանին կանոնները՝ այն օրը որ զանիկա շինեն անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու ու արիւն սրսկելու համար։

19. Սադովկի սերունդէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, որոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, դուն անոնց մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս։

20. Անոր արիւնէն պիտի առնես ու սեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ ու շրջանակին ու անոր սահմանին վրայ պիտի դնես։ Զանիկա պիտի սրբես եւ անոր համար քաւութիւն պիտի ընես։

21. Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես եւ սրբարանէն դուրս՝ տաճարին որոշուած տեղը պիտի այրես։

22. Ու երկրորդ օրը մեղքի պատարագի համար այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես։ Սեղանը պիտի սրբես՝ ինչպէս զուարակով սրբեցիր։

23. Երբ սրբելը լմնցնես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։

24. Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։

25. Եօթը օր մեղքի պատարագի համար՝ օրը մէկմէկ նոխազ պիտի մատուցանես։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի մատուցանես, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։

26. Եօթը օր սեղանին քաւութիւն պիտի ընես եւ զանիկա սրբես ու նուիրես։

27. Երբ այն օրերը լմննան, ութերորդ օրը քահանաները սեղանին վրայ ձեր ողջակէզները ու ձեր խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

About Եզեկիել Chapter 43

Read Եզեկիել Chapter 43 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզեկիել
Chapter: 43
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզեկիել Chapter 43 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզեկիել Chapter 43?

Եզեկիել Chapter 43 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 43 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզեկիել

  1. Եզեկիել Chapter 36
  2. Եզեկիել Chapter 35
  3. Եզեկիել Chapter 28
  4. Եզեկիել Chapter 25
  5. Եզեկիել Chapter 24
  6. Եզեկիել Chapter 8
  7. Եզեկիել Chapter 46

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եզեկիել Chapter 6
  2. Բ Սամուել Chapter 8
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 36
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 2
  5. Ա Մնացորդաց Chapter 20
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 28
  7. Դատավորներ Chapter 3

Related Chapters & Readings

  1. Ա Պետրոս Chapter 2
  2. Բ Սամուել Chapter 19
  3. Եզեկիել Chapter 27
  4. Մատթեոս Chapter 20
  5. Գործք Առաքելոց Chapter 7
  6. Հեսու Chapter 6
  7. Սաղմոսներ Chapter 50
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *