Եզեկիել Chapter 20

For English

Read Եզեկիել Chapter 20 Online

Read Եզեկիել Chapter 20 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզեկիել 20

Գլուխ 20

1. Եօթներորդ տարուան, հինգերորդ ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը հարցնելու համար Իսրայէլի ծերերէն մարդիկ եկան եւ իմ առջեւս նստան։

2. Ու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

3. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ դուք ինծի հարցնելո՞ւ եկաք։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’։

4. Միթէ անոնց դատաստան պիտի ընե՞ս, որդի՛ մարդոյ։ Այն ատեն անոնց հայրերուն պղծութիւնները անոնց գիտցուր

5. Ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը որ Իսրայէլը ընտրեցի եւ Յակոբին տանը սերունդին իմ ձեռքս վերցուցի՝ ՝ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց յայտնուեցայ, իմ ձեռքս անոնց վերցնելով՝ ըսի թէ «Ձեր Տէր Աստուածը ես եմ».

6. Այն օրը իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք Եգիպտոսէն, այն կաթ ու մեղր բղխող ու ամէն երկիրներու պարծանքը եղող երկիրը հանեմ, որ անոնց համար պատրաստեր էի՝ ՝

7. Ու անոնց ըսի. «Ամէն մարդ իր աչքերուն գարշութիւնները թող մէկդի ձգէ ու Եգիպտոսի կուռքերովը չպղծուի. ես եմ ձեր Տէր Աստուածը»’»։

8. «Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան եւ չուզեցին ինծի մտիկ ընել, մէկդի չձգեցին իրենց աչքերուն գարշութիւնները ու Եգիպտոսի կուռքերը չթողուցին։ Այն ատեն ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց պիտի բարկանամ։

9. Բայց ես իմ անուանս համար ըրի, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ՝ որոնց մէջ անոնք կը գտնուէին եւ որոնց առջեւ ես անոնց յայտնուեցայ, երբ զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի։

10. Զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի անապատը տարի

11. Եւ իմ օրէնքներս անոնց տուի ու իմ դատաստաններս անոնց գիտցուցի, որոնցմով մարդ կ’ապրի, եթէ զանոնք կատարէ։

12. Իմ շաբաթներս ալ անոնց տուի, որպէս զի իմ ու անոնց մէջտեղ նշան ըլլան, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ զիրենք կը սրբեմ։

13. «Բայց Իսրայէլի տունը անապատին մէջ ինծի դէմ ապստամբեցաւ։ Իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ դատաստաններս մերժեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի եթէ զանոնք կատարէ։ Իմ շաբաթներս պղծեցին. անոր համար ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ անապատին մէջ ու զանոնք պիտի սպառեմ։

14. Ասիկա ես ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն մէջ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։

15. Անապատին մէջ որոշեցի զանոնք չտանիլ այն երկիրը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի եւ ամէն երկիրներուն պարծանքը եղող երկիրը, որ անոնց տուեր էի։

16. Քանզի իմ դատաստաններս մերժեցին, իմ օրէնքներովս չքալեցին, իմ շաբաթներս պղծեցին. վասն զի անոնց սիրտը իրենց կուռքերուն ետեւէն կ’երթար։

17. Բայց իմ աչքս անոնց խնայեց, որ զանոնք չկորսնցնեմ. ուստի անապատին մէջ զանոնք չսպառեցի։

18. «Անապատին մէջ անոնց որդիներուն ըսի. ‘Ձեր հայրերուն կանոններովը մի՛ քալէք ու անոնց սովորութիւնները մի՛ պահէք եւ անոնց կուռքերովը մի՛ պղծուիք։

19. Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Իմ օրէնքներովս քալեցէ՛ք,

20. Իմ շաբաթներս սուրբ պահեցէ՛ք։ Անոնք իմ ու ձեր մէջտեղ նշան ըլլան. որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։

21. «Բայց անոնց որդիներն ալ ինծի դէմ ապստամբեցան. իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ կանոններս պահել չմտածեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք կատարէ, իմ շաբաթներս պղծեցին։ Ուստի ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ, անապատին մէջ իմ բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի բորբոքի։

22. Սակայն իմ ձեռքս ետ քաշեցի ու ասիկա ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։

23. «Անապատին մէջ իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան ընեմ։

24. Վասն զի իմ դատաստաններս չգործադրեցին ու իմ օրէնքներս մերժեցին եւ իմ շաբաթներս պղծեցին ու իրենց աչքերը իրենց հայրերուն կուռքերուն ետեւէն եղան։

25. Ուստի ես ալ այնպիսի օրէնքներ տուի անոնց՝ որ օգտակար չէին ու այնպիսի կարգադրութիւններ՝ որոնցմով չէին կրնար ապրիլ։

26. Զանոնք իրենց ընծաներովը պղծեցի, զանոնք թող տալով որ ամէն արգանդ բացողը կրակէ անցընեն, որպէս զի զանոնք կորսնցնեմ, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։

27. «Անոր համար, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը խօսէ՛ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր հայրերը ասով ալ ինծի դէմ յանցանք ընելով՝ զիս նախատեցին։

28. Վասն զի երբ զանոնք տարի այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքս վերցուցեր էի, ամէն բարձր բլուր ու ամէն տերեւախիտ ծառ տեսնելով՝ իրենց զոհերը հոն մատուցանեցին, իրենց գրգռիչ ընծաները հոն ներկայացուցին, իրենց անուշահոտ խունկերը հոն ծխեցին եւ իրենց ըմպելի նուէրները հոն մատուցանեցին»։

29. (Անոնց ըսի. ‘Ի՞նչ է այդ բարձր տեղը, ուր դուք կ’երթաք, որուն անունը մինչեւ այսօր Բարձր տեղ կը կոչուի’)։

30. «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ձեր հայրերուն հետեւելով պոռնկութիւն կ’ընէք

31. Եւ ձեր ընծաները մատուցանելով ու ձեր տղաքը կրակէ անցընելով, ձեր բոլոր կուռքերով կը պղծուիք. միթէ ես ձեզի պատասխան պիտի տա՞մ, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’»։

32. «Ձեր սրտին խորհուրդը ամենեւին պիտի չկատարուի, որ կ’ըսէք թէ ‘Մենք փայտ ու քար պաշտելով, հեթանոսներուն պէս, երկիրներուն ազգատոհմերուն պէս պիտի ըլլանք’»։

33. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անշուշտ ձեր վրայ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով ու թափուած բարկութիւնով թագաւորութիւն պիտի ընեմ։

34. Զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ թափուած բարկութիւնով ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հանեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր դուք ցրուեցաք։

35. Ձեզ ազգերուն անապատը պիտի տանիմ ու հոն ձեզի հետ երես երեսի դատ պիտի վարեմ։

36. Ինչպէս Եգիպտոսի երկրին անապատին մէջ ձեր հայրերուն հետ դատ վարեցի, այնպէս ալ ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ,

37. Ձեզ գաւազանի տակէն պիտի անցընեմ ու ձեզ ուխտին կապին տակ պիտի մտցնեմ։

38. Ապստամբներն ու ինծի դէմ յանցաւոր եղողները ձեզմէ պիտի զատեմ. զանոնք իրենց պանդխտութեան երկրէն պիտի հանեմ։ Անոնք Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնէն։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

39. «Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Գացէ՛ք, այսուհետեւ ամէն մէկդ ձեր կուռքերուն ծառայութիւն ըրէք, քանի որ դուք ինծի մտիկ չէք ըներ. բայց իմ սուրբ անունս ձեր ընծաներովն ու ձեր կուռքերովը մի՛ պղծէք։

40. Վասն զի իմ սուրբ լերանս վրայ, Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ, բոլոր Իսրայէլի տունը՝ ամէնքը իրենց երկրին մէջ ըլլալով՝ հոն ինծի ծառայութիւն պիտի ընեն։ Հոն անոնց պիտի հաճիմ եւ ձեր պատարագներն ու ձեր ընծաներուն երախայրիները ձեր բոլոր սուրբ բաներովը՝ հոն պիտի փնտռեմ։

41. Երբ ձեզ ազգերէն հանեմ ու ձեզ հաւաքեմ այն երկիրներէն, ուր դուք ցրուած էք, անուշահոտ խունկով ձեզի պիտի հաճիմ եւ ձեր մէջ ազգերուն աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի ըլլամ։

42. Երբ ձեզ Իսրայէլի երկիրը տանիմ, այսինքն այն երկիրը որ ձեր հայրերուն խոստացայ, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

43. Հոն պիտի յիշէք ձեր ճամբաները ու ձեր բոլոր գործերը՝ որոնցմով պղծուեցաք եւ ձեր ըրած բոլոր չարութիւններուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։

44. Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, երբ ձեզի այսպէս ընեմ իմ անուանս համար եւ ո՛չ թէ ձեր ճամբաներուն ու ձեր ապականուած վարմունքին համեմատ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէր Եհովան’»։

45. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

46. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի հարաւ դարձուր ու դէպի հարաւ խօսէ ու հարաւային դաշտին անտառին վրայ մարգարէութիւն ըրէ

47. Եւ հարաւային անտառին ըսէ՛, Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու մէջդ կրակ պիտի վառեմ, որը քու մէջդ եղած ամէն կանանչ ծառ ու ամէն չոր ծառ պիտի ուտէ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի ու անով հարաւէն մինչեւ հիւսիս բոլոր կողմերը պիտի այրին։

48. Եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ թէ ես՝ Տէրս՝ զանիկա վառեցի։ Անիկա պիտի չմարի’»։ 49Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէր Եհովա, անոնք ինծի համար կ’ըսեն. ‘Չէ՞ որ ասիկա այլաբանութիւններով կը խօսի’»։

About Եզեկիել Chapter 20

Read Եզեկիել Chapter 20 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզեկիել
Chapter: 20
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզեկիել Chapter 20 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզեկիել Chapter 20?

Եզեկիել Chapter 20 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 20 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզեկիել

  1. Եզեկիել Chapter 36
  2. Եզեկիել Chapter 35
  3. Եզեկիել Chapter 28
  4. Եզեկիել Chapter 24
  5. Եզեկիել Chapter 25
  6. Եզեկիել Chapter 8
  7. Եզեկիել Chapter 47

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 110
  2. Եսթեր Chapter 7
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 28
  4. Հոբ Chapter 1
  5. Սաղմոսներ Chapter 78
  6. Եսայի Chapter 41
  7. Դանիել Chapter 10

Related Chapters & Readings

  1. Ովսեե Chapter 3
  2. Եսայի Chapter 37
  3. Ա Մնացորդաց Chapter 29
  4. Երեմիա Chapter 41
  5. Եզեկիել Chapter 39
  6. Երեմիա Chapter 4
  7. Հոբ Chapter 31
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *