Եզրաս Chapter 5

For English

Read Եզրաս Chapter 5 Online

Read Եզրաս Chapter 5 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզրաս in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզրաս and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզրաս 5

Գլուխ 5

1. Անգէ մարգարէն ու Ադդովի որդին Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունովը մարգարէութիւն ըրին Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն։

2. Այն ատեն Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն ելան ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը շինել սկսան։ Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց օգնեցին։

3. Այն ատեն Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային ու Սաթրաբուզան իրենց ընկերներովը անոնց եկան եւ այսպէս ըսին. «Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք»։

4. Ապա հարցուցին շինողներուն անունները։

5. Բայց Աստուծոյ աչքը Հրեաներուն ծերերուն վրայ ըլլալով՝ գործը չարգիլեցին մինչեւ որ Դարեհի նոր հրովարտակը բերել տան։

6. Այս է այն նամակին օրինակը, որ Թաթանային ու Սաթրաբուզան ու անոնց ընկեր Ափարսաքացիները Դարեհ թագաւորին ղրկեցին,

7. Որուն մէջ այսպէս գրուած էր.

8. «Դարեհ թագաւորին շատ բարեւ։ Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ Հրէաստանի գաւառը, մեծ Աստուծոյն տունը գացինք, որը մեծ քարերով կը շինուի, անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին, գործը փութով յառաջ կը տարուի ու պիտի լրանայ։

9. Այն ծերերուն հարցուցինք թէ՝ ‘Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք’։

10. Ու քեզի իմացնելու համար շինողներուն անունն ալ հարցուցինք, որպէս զի անոնց առաջնորդ եղող մարդոց անունները քեզի գրենք։

11. Անոնք այս պատասխանը տուին. ‘Մենք երկնքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք ու շատ տարիներէ առաջ շինուած տունը կը նորոգենք որ Իսրայէլի մէկ մեծ թագաւորը շինեց ու լմնցուց։

12. Բայց մեր հայրերը երկնքի Աստուածը բարկացուցած են, Աստուած ալ զանոնք Բաբելոնի թագաւորին, Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի, ձեռքը մատնեց։ Ան ալ այս տունը աւերեց ու ժողովուրդը Բաբելոն գերի տարաւ։

13. Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին Կիւրոս թագաւորը այս Աստուծոյ տունը շինելու հրաման տուաւ։

14. Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնի տաճարէն հանեց ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, որը նախարար ըրաւ

15. Ու անոր ըսաւ. «Այս անօթները ա՛ռ, գնա՛ զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը տար ու Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինուի»։

16. Այն ատեն Սասբասար եկաւ ու Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը հիմը ձգեց եւ այն ատենէն մինչեւ հիմա կը շինուի, բայց չէ լմնցած’։

17. Ու հիմա եթէ թագաւորը կը հաճի, հոն Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատանը մէջ թող փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՞ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը շինուի։ Թագաւորը այս բանին վրայով իր կամքը թող մեզի յայտնէ»։

About Եզրաս Chapter 5

Read Եզրաս Chapter 5 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզրաս in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզրաս
Chapter: 5
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզրաս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզրաս Chapter 5 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզրաս Chapter 5?

Եզրաս Chapter 5 is part of the Book of Եզրաս in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզրաս Chapter 5 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզրաս

  1. Եզրաս Chapter 1
  2. Եզրաս Chapter 7
  3. Եզրաս Chapter 9
  4. Եզրաս Chapter 10
  5. Եզրաս Chapter 2
  6. Եզրաս Chapter 3
  7. Եզրաս Chapter 8

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 82
  2. Ողբեր Chapter 3
  3. Գ Թագավորներ Chapter 16
  4. Եզեկիել Chapter 24
  5. Ա Սամուել Chapter 3
  6. Սաղմոսներ Chapter 147
  7. Ելից Chapter 30

Related Chapters & Readings

  1. Գաղատացիներ Chapter 4
  2. Սաղմոսներ Chapter 63
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 19
  4. Եսայի Chapter 41
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 9
  6. Ա Տիմոթեոս Chapter 4
  7. Մարկոս Chapter 6
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *