Մատթեոս Chapter 22

For English

Read Մատթեոս Chapter 22 Online

Read Մատթեոս Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մատթեոս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Մատթեոս and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Մատթեոս 22

Գլուխ 22

1. Դարձեալ Յիսուս առակներով ըսաւ անոնց.

2. «Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։

3. Անոնք չուզեցին գալ։

4. Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ըսէք հրաւիրուածներուն, ‘Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք’»։

5. Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։

6. Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին։

7. Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց։

8. Այն ատեն իր ծառաներուն ըսաւ. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։

9. Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք»։

10. Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։

11. Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր,

12. Ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի»։ Անիկա պապանձեցաւ։

13. Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։

14. Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։

15. Այն ատեն փարիսեցիները խորհուրդ ըրին որպէս զի որոգայթ մը լարեն խօսքով։

16. Իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ,

17. Ուստի մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։

18. Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ,

19. Ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։

20. Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։

21. Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։

22. Երբ լսեցին՝ զարմացան եւ թողուցին զանիկա ու գացին։

23. Նոյն օրը անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ հարցուցին՝

24. Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։

25. Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։

26. Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։

27. Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։

28. Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։

29. Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը.

30. Քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։

31. Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.

32. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։

33. Ժողովուրդը այս լսելով՝ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ։

34. Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց սադուկեցիները, մէկտեղ ժողուեցան

35. Եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով.

36. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։

37. Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։

38. Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։

39. Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։

40. Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։

41. Երբ փարիսեցիները ժողվուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց ու ըսաւ.

42. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։

43. Ըսին իրեն. «Դաւիթին»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ.

44. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։

45. Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։

46. Եւ մէ՛կը չէր կրնար անոր պատասխանել։ Այն օրէն յետոյ մէ՛կը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։

About Մատթեոս Chapter 22

Read Մատթեոս Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մատթեոս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Մատթեոս
Chapter: 22
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Մատթեոս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Մատթեոս Chapter 22 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Մատթեոս Chapter 22?

Մատթեոս Chapter 22 is part of the Book of Մատթեոս in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Մատթեոս Chapter 22 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Մատթեոս

  1. Մատթեոս Chapter 8
  2. Մատթեոս Chapter 20
  3. Մատթեոս Chapter 18
  4. Մատթեոս Chapter 28
  5. Մատթեոս Chapter 26
  6. Մատթեոս Chapter 17
  7. Մատթեոս Chapter 13

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Հռոմեացիներ Chapter 16
  2. Փիլիպպեցիներ Chapter 3
  3. Հակոբոս Chapter 2
  4. Գաղատացիներ Chapter 3
  5. Մարկոս Chapter 11
  6. Եբրայեցիներ Chapter 2
  7. Գործք Առաքելոց Chapter 22

Related Chapters & Readings

  1. Եսայի Chapter 48
  2. Բ Սամուել Chapter 19
  3. Սաղմոսներ Chapter 140
  4. Երեմիա Chapter 28
  5. Հոբ Chapter 18
  6. Եզեկիել Chapter 25
  7. Հոբ Chapter 32
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *