Երեմիա Chapter 18

For English

Read Երեմիա Chapter 18 Online

Read Երեմիա Chapter 18 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երեմիա 18

Գլուխ 18

1. Տէրը Երեմիային ըսաւ.

2. «Ելի՛ր ու բրուտին տունը իջի՛ր։ Հոն իմ խօսքերս պիտի լսես»։

3. Ես բրուտին տունը իջայ, որը ճախարակով կը գործէր։

4. Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։

5. Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

6. «Միթէ ձեզի՝ այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ, Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը, Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, Դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։

7. Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ,

8. Բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, Ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։

9. Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց

10. Եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, Ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել։

11. Հիմա Յուդայի մարդիկներուն Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ Ու ձեզի համար ծրագիր մը կը պատրաստեմ։ Հիմա բոլորդ ալ ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք Ու ձեր ճամբաներն ու ձեր գործերը ուղղեցէ՛ք’։

12. Բայց անոնք կ’ըսեն. ‘Յոյս չկայ, Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետեւէն պիտի երթանք Ու բոլորս ալ մեր չար սրտին կամակորութեանը պէս պիտի ընենք’։

13. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք, Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է։ Իսրայէլին կոյսը խիստ սոսկալի բան մը ըրաւ։

14. Միթէ Լիբանանին ձիւնը արտին վէմէն՝ ՝ կը պակսի՞, Կամ հեռուէն վազող պաղ ջուրերը կը ցամքի՞ն։

15. Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ։ Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին։ Անոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ մոլորեցան Եւ ուրիշ շաւիղներէ, զարտուղի ճամբաներէ քալեցին։

16. Ասանկով իրենց երկիրը աւերակ Ու յաւիտենապէս սուլելու ենթակայ ըրին։ Անկէ ամէն անցնողը պիտի զարմանայ Ու գլուխը պիտի շարժէ։

17. Որպէս թէ արեւելեան հովով՝ Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ, Անոնց թշուառութեան օրը Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ եւ ո՛չ թէ՝ երես»։

18. Այն ատեն ըսին. «Եկէ՛ք, Երեմիային դէմ դաւ լարենք, Վասն զի քահանայէն՝ օրէնք Ու իմաստունէն՝ խորհուրդ Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի։ Եկէ՛ք, զանիկա լեզուով ջախջախենք Ու անոր ոեւէ խօսքին ականջ չտանք»։

19. «Ո՛վ Տէր, ինծի ականջ տուր Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ՛։

20. Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։ Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։ Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ, Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։

21. Անոր համար անոնց տղաքները սովի՛ մատնէ Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։ Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւարի թող ըլլան Եւ այրերը թող մեռնին Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զարնուին։

22. Եւ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բեր։ Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի։ Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին։

23. Ու դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց դաւը Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար։ Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր Եւ անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր, Հապա անոնք քու առջեւդ թող կործանին. Քու բարկութեանդ ատենը անոնց դէմ գործէ»։

About Երեմիա Chapter 18

Read Երեմիա Chapter 18 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երեմիա
Chapter: 18
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երեմիա Chapter 18 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երեմիա Chapter 18?

Երեմիա Chapter 18 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 18 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երեմիա

  1. Երեմիա Chapter 33
  2. Երեմիա Chapter 40
  3. Երեմիա Chapter 30
  4. Երեմիա Chapter 32
  5. Երեմիա Chapter 24
  6. Երեմիա Chapter 50
  7. Երեմիա Chapter 48

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 27
  2. Սաղմոսներ Chapter 112
  3. Ովսեե Chapter 4
  4. Առակներ Chapter 20
  5. Եզեկիել Chapter 25
  6. Առակներ Chapter 26
  7. Ժողովող Chapter 1

Related Chapters & Readings

  1. Ա Մնացորդաց Chapter 26
  2. Գ Թագավորներ Chapter 9
  3. Երեմիա Chapter 25
  4. Դատավորներ Chapter 10
  5. Սաղմոսներ Chapter 67
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 2
  7. Երեմիա Chapter 35
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *