Read Եսայի Chapter 49 Online
Read Եսայի Chapter 49 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 49
Գլուխ 49
1. Ո՛վ կղզիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք, Ո՛վ ժողովուրդներ, հեռուէն ակա՛նջ տուէք. Տէրը զիս արգանդէն կանչեց, Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշեց
2. Եւ իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ։ Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց, Զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ։ Իր կապարճին մէջ պահեց զիս
3. Եւ ինծի ըսաւ. «Դուն իմ ծառաս ես, Ո՛վ Իսրայէլ, քեզմով պիտի փառաւորուիմ»։
4. Ու ես ըսի. «Պարապ տեղը աշխատեցայ Եւ իմ զօրութիւնս ոչինչ ու դատարկ տեղը գործածեցի. Բայց իմ իրաւունքս Տէրոջը առջեւն է Եւ իմ գործս իմ Աստուծոյս քովն է»։
5. Հիմա այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ զիս որովայնէն իրեն ծառայ ըլլալու համար ստեղծեց, Որ Յակոբը անոր դարձնեմ Եւ Իսրայէլ անոր քով հաւաքուի, Որ Տէրոջը առջեւ փառաւորուիմ Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն ըլլայ.
6. Այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին ցեղերը նորէն հաստատելու համար Եւ Իսրայէլին ազատուածները դարձնելու համար, Իմ ծառաս ըլլալդ քեզի քիչ է։ Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի ընեմ, Որպէս զի մինչեւ երկրին ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս»։
7. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Փրկիչը, անոր Սուրբը, Անարգուած անձին, ազգերու ատելի եղողին, իշխաններու ծառային. «Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտքի պիտի ելլեն. Իշխաններն ալ երկրպագութիւն պիտի ընեն Տէրոջը համար, որ հաւատարիմ է, Իսրայէլի Սուրբին համար, որ քեզ ընտրեր է»։
8. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի, Փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի, Քեզ պահեցի եւ ժողովուրդին նախապէս ուխտ ըրի, Որպէս զի երկիրը հաստատես, Աւերուած ժառանգութիւնները՝ բաժնես
9. Եւ կապուածներուն ըսես՝ «Ելէ՛ք» Ու խաւարի մէջ եղողներուն՝ «Յայտնուեցէ՛ք»։ Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին Եւ անոնց արօտը բոլոր բլուրներուն վրայ պիտի ըլլայ։
10. Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին, Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց, Քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց Ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք։
11. Բոլոր լեռներս ճամբայ պիտի ընեմ Ու իմ պողոտաներս պիտի բացուին։
12. Ահա ոմանք՝ հեռուէն, Ոմանք՝ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն Եւ ոմանք Սինէացիներու երկրէն պիտի գան»։
13. Ո՛վ երկինք, ուրա՛խ եղէք ու ո՛վ երկիր, ցնծութի՛ւն ըրէ, Ո՛վ լեռներ, ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ Ու իր տնակներուն ողորմեցաւ։
14. Բայց Սիօն ըսաւ. «Եհովան զիս թողուց Ու Տէրը զիս մոռցաւ»։
15. Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, Բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։
16. Ահա ես քեզ ին ձեռքերուս մէջ դրոշմեցի, Քու պարիսպներդ միշտ իմ առջեւս են։
17. Քեզ շինողները պիտի գան Եւ քեզ փլցնողները եւ աւերողները պիտի մեկնին։
18. Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Տէրը կ’ըսէ. «Որչափ ատեն որ ես կենդանի եմ, Անշուշտ անոնք բոլորը զարդերու պէս պիտի հագնիս Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի զարդարուիս։
19. Քանզի քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ Ու քու կործանուած երկիրդ Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի գայ Եւ քեզ կլլողները պիտի հեռանան։
20. Քու ամլութենէդ յետոյ ծնանելու որդիներդ Քու ականջներուդ պիտի ըսեն. «Այս տեղը ինծի նեղ է, Տե՛ղ տուր ինծի, որ բնակիմ»։
21. Ու դուն սրտիդ մէջ պիտի ըսես. «Ասոնք ինծի ո՞վ ծնաւ. Ես անզաւակ ու ամուլ էի, Ես գերի ու աքսորուած էի, Ասոնք ո՞վ մեծցուց։ Ահա ես մինակ մնացեր էի, Ասոնք ո՞ւր էին»։
22. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. «Ահա իմ ձեռքս ազգերու վրայ պիտի վերցնեմ, Իմ դրօշակս ժողովուրդներու մէջ պիտի կանգնեցնեմ. Անոնք քու տղաքներդ իրենց գրկին մէջ պիտի կրեն, Քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին։
23. Թագաւորները քու խնամակալներդ պիտի ըլլան, Անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։ Երեսնին գետինը ծռելով՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն, Ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն Եւ պիտի գիտնաս, թէ ե՛ս եմ Տէրը։ Ինծի ապաւինողները պիտի չամչնան»։
24. Միթէ հզօրէն աւարը կ’առնուի՞, Կամ ահարկու մարդուն գերի առածը կ’ազատուի՞։
25. Բայց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հզօրին գերի առածն անգամ պիտի առնուի Ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատուի Ու քեզի հետ վիճողներուն դէմ ես պիտի վիճիմ Եւ քու տղաքներդ ե՛ս պիտի ազատեմ։
26. Քեզ հարստահարողներուն իրենց մարմինները պիտի կերցնեմ, Իրենց արիւնը նոր գինիի պէս խմելով՝ պիտի գինովնան։ Ամէն մարմին պիտի գիտնայ Թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ քեզ ազատեցի Ու քու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։
About Եսայի Chapter 49
Read Եսայի Chapter 49 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 49
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 49 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 49?
Եսայի Chapter 49 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 49 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 38
Explore More from Հին Կտակարան
- Եսայի Chapter 27
- Նեեմիա Chapter 10
- Ելից Chapter 16
- Սաղմոսներ Chapter 150
- Ծննդոց Chapter 21
- Ծննդոց Chapter 34
- Բ Սամուել Chapter 21