Read Ղուկաս Chapter 3 Online
Read Ղուկաս Chapter 3 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ղուկաս and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Ղուկաս 3
Գլուխ 3
1. Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը
2. Եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։
3. Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար.
4. Ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։
5. Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։
6. Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։
7. Իրմէն մկրտուելու ելլող ժողովուրդին ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։
8. Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։
9. Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։
10. Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»։
11. Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ»։
12. Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, մե՞նք ինչ ընենք»։
13. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզի հրամայուածէն աւելի բան մի պահանջէք»։
14. Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ’ըսէին. «Մե՞նք ինչ ընենք»։ Ըսաւ անոնց. «Մէկը մի՛ հարստահարէք. եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք ու ձեր թոշակով բաւականացէք»։
15. Երբ ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իր սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’,
16. Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինծմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով.
17. Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու ցորենը իր ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը չմարող կրակով պիտի այրէ»։
18. Ուրիշ շատ բաներ ալ կը քարոզէր՝ ժողովուրդը յորդորելով։
19. Հերովդէս չորրորդապետը անկէ յանդիմանուելով իր եղբօր կնոջ, Հերովդիային եւ բոլոր չարութիւններուն համար, որոնք Հերովդէս գործեց,
20. Այն ամենուն վրայ այս ալ աւելցուց, որ Յովհաննէսը բանտարկեց։
21. Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ
22. Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։
23. Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ (Ինչպէս կը կարծուէր) Ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,
24. Որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի,
25. Որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի,
26. Որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սէմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի,
27. Որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի,
28. Որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի,
29. Որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի,
30. Որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի,
31. Որ Մելիայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի,
32. Որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի,
33. Որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի,
34. Որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի,
35. Որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի,
36. Որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի,
37. Որ Մաթուսաղայի, որ Ենովսի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի,
38. Որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ։
About Ղուկաս Chapter 3
Read Ղուկաս Chapter 3 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Ղուկաս
Chapter: 3
Testament: New Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ղուկաս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Ղուկաս Chapter 3 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Ղուկաս Chapter 3?
Ղուկաս Chapter 3 is part of the Book of Ղուկաս in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Ղուկաս Chapter 3 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Ղուկաս
- Ղուկաս Chapter 16
- Ղուկաս Chapter 2
- Ղուկաս Chapter 19
- Ղուկաս Chapter 20
- Ղուկաս Chapter 11
- Ղուկաս Chapter 10
- Ղուկաս Chapter 9
Explore More from Նոր Կտակարան
- Հակոբոս Chapter 4
- Եբրայեցիներ Chapter 5
- Մատթեոս Chapter 8
- Հայտնություն Chapter 2
- Եփեսացիներ Chapter 2
- Ա Կորնթացիներ Chapter 5
- Հուդա Chapter 1