Երեմիա Chapter 10

For English

Read Երեմիա Chapter 10 Online

Read Երեմիա Chapter 10 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երեմիա 10

Գլուխ 10

1. Ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը լսեցէք։

2. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիք Ու երկնքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք, Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին։

3. Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են, Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն, Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է՝ տապարով գործուած։

4. Զանիկա արծաթով եւ ոսկիով կը զարդարեն Ու գամերով եւ ուռերով կը գամեն զանիկա ու չի շարժիր։

5. Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր. Անոնք անշուշտ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել, Ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են։

6. Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ. Դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է։

7. Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր, Քանզի քեզի կը վայլէ. Վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ Եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Քեզի նման մէ՛կը չկայ։

8. Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են. Անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է։

9. Թարսիսէն՝ ծեծուած արծաթ Եւ Ոփազէն ոսկի կը բերուի։ Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերու գործ են։ Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է. Բոլորը վարպետներու գործեր են։

10. Սակայն Եհովան ճշմարիտ Աստուած է, Անիկա կենդանի Աստուած է եւ յաւիտենական Թագաւոր։ Անոր բարկութենէն երկիրը կը դողայ Ու ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար։

11. Անոնց այսպէս ըսէք. «Այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չշինեցին, Երկրէն ու երկինքներուն տակէն պիտի կործանին»։

12. Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։

13. Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։ Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ. Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ, Հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։

14. Ամէն մարդ գիտութենէն զրկուած՝ անասուն դարձաւ. Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ, Վասն զի ձուլուած կուռքը ստութիւն է։ Անոնք հոգի չունին,

15. Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են, Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին։

16. Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է։ Իսրայէլ անոր ժառանգութեանը վիճակն է։ Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։

17. Ո՛վ բերդի մէջ բնակող, Քու ապրանքներդ երկրէն հաւաքէ՛,

18. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմ Ու զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի զգան»։

19. Վա՜յ ինծի իմ հարուածիս համար, Իմ վէրքս անդարմանելի է Եւ ես ըսի. «Իրաւցընէ ասիկա ցաւ է Ու զանիկա պիտի կրեմ»։

20. Իմ վրանս կործանուեցաւ եւ բոլոր չուաններս փրթան. Տղաքներս ինծմէ հեռացան ու չկան. Ասկէ յետոյ վրանս կանգնեցնող Ու վարագոյրներս կախող չկայ։

21. Վասն զի հովիւները յիմարացան Եւ Տէրը չխնդրեցին. Անոր համար յաջողութիւն չգտան Ու անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ։

22. Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայն Եւ մեծ խռովութիւն կու գայ, Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակ Ու չագալներու բնակարան ընէ։

23. Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։

24. Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ, Ո՛չ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես։

25. Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայ Եւ քու անունդ չկանչող ազգատոհմերուն վրայ թափէ. Վասն զի Յակոբը կերան։ Զանիկա կերան ու հատցուցին Եւ անոր բնակավայրը աւերակ դարձուցին։

About Երեմիա Chapter 10

Read Երեմիա Chapter 10 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երեմիա
Chapter: 10
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երեմիա Chapter 10 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երեմիա Chapter 10?

Երեմիա Chapter 10 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 10 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երեմիա

  1. Երեմիա Chapter 33
  2. Երեմիա Chapter 40
  3. Երեմիա Chapter 30
  4. Երեմիա Chapter 50
  5. Երեմիա Chapter 48
  6. Երեմիա Chapter 32
  7. Երեմիա Chapter 24

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հովնան Chapter 3
  2. Բ Սամուել Chapter 24
  3. Սաղմոսներ Chapter 4
  4. Ովսեե Chapter 12
  5. Եսթեր Chapter 10
  6. Ելից Chapter 38
  7. Սաղմոսներ Chapter 43

Related Chapters & Readings

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 3
  2. Ա Սամուել Chapter 12
  3. Ա Սամուել Chapter 3
  4. Երեմիա Chapter 42
  5. Առակներ Chapter 26
  6. Եզրաս Chapter 10
  7. Երեմիա Chapter 8
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *